image
Հրատապ լուրեր:

Չինաստան նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Պաղեստինին

Չինաստան նիւթական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ Պաղեստինին

Փեքինը ողջունած է Իսրայէլի եւ «ՀԱՄԱՍ»-ի միջեւ հրադադարի մասին համաձայնագիրը՝ բռնութիւնները դադրեցնելու եւ խաղաղ բանակցութիւններուն վերադառնալու յոյս յայտնելով, կը յայտնէ AFP-ն:

 

Փեքինը յայտարարած է, որ միջազգային հանրութիւնն այժմ պէտք է «օգնութեան ձեռք մեկնէ» տարածաշրջանին, իսկ Չինաստանը 1 մլն տոլար շտապ օգնութիւն եւ եւս 1 մլն տոլար պիտի տրամադրէ պաղեստինցիներուն օգնելու ՄԱԿ-ի ջանքերուն: Այն նաեւ Covid-19-ի դէմ պատուաստանիւթի 20000 դեղաչափ պիտի տրամադրէ պաղեստինցիներուն:

«Չինաստանը կ'ողջունէ հրադադարի ռեժիմը իսրայէլա-պաղեստինեան հակամարտութեան կողմերու միջեւ եւ յոյյս ունի, որ շահագրգիռ կողմերը բարեխղճօրէն կը հետեւին հրադադարի ռեժիմին եւ բռնութեան դադարեցման», - ուրբաթ մամլոյ ասուլիսի ժամանակ ըսած է արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Չժաո Լիցզիանը:

«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է նպաստէ Պաղեստինի եւ Իսրայէլի միջեւ խաղաղ բանակցութիւններու վերսկսման եւ հասնի Պաղեստինի հարցի համապարփակ, արդար եւ կայուն լուծման, որ հիմնուած ըլլայ երկու պետութեան որոշման վրայ»,- աւելցուցած է ան:

Անոր խօսքով՝ Չինաստանը պատրաստ է աշխատիլ միջազգային հանրութեան հետ՝ «պաղեստինա-իսրայէլական լարուած իրավիճակը աւելի մեղմել օգնելու համար»: