image
Հրատապ լուրեր:

Հրթիռներ Զուարթնոց եկեղեցիի շրջակայքը. Կան նիւթական մեծ վնասներ

Հրթիռներ   Զուարթնոց եկեղեցիի շրջակայքը. Կան  նիւթական մեծ վնասներ

 Հալէպ-(«Արեւելք»)- Հրթիռներ ինկած են Հալէպի  «Նոր Գիւղ»   շրջանին  մէջ գտնուող  Հայ  Կաթողիկէ «Զուարթնոց»  եկեղեցւոյ շրջակայքը: Ըստ նախնական տուեալներու,  հրթիռները ինկած են այս  առաւօտ  եւ  պատճառած նիւթական    ծանր վնասներ:    Հրթիռներու  հետեւանքով     բնակելի տուներ կրած են մեծ վնասներ,  բայց բարեբախտաբար եւ մինչեւ այս պահը մարդկային  տոյժերու մասին տեղեկութիւններ չեն  փոխանցուիր:  Կը հաղորդուի նաեւ, որ   ծանր մարտեր տեղի կ'ունենան  Հալէպի  արեւելեան  հատուածներուն մէջ , ուր սուրիական  բանակը մտադիր է ամնէն գնով      տիրապետել  իսլամիստ     զինեալներու  կեդրոնատեղի  դարձած  այդ հատուածները: