image

Հրթիռներ ինկած են Նոր Գիւղ վրայ. Կայ մէկ զոհ (Լուսանկարներ)

Հրթիռներ ինկած են Նոր Գիւղ վրայ. Կայ մէկ զոհ (Լուսանկարներ)

Ժամ մը առաջ հրթիռներ ինկած են Հալէպի Նոր Գիւղ հայկական թաղամասին վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ հրթիռներ ինկած են  «Քարէն Եփփէ» ճեմարանի թաղամասին վրայ: Հոն եղած հրթիռարձակումներուն հետեւանքով զոհուած է կին մը, որուն ինքնութիւնը ցարդ յստակ չէ:  Նշենք, որ այսօր առաւօտեան ժամերէն սկսեալ Հալէպի տարբեր շրջաններ ենթարկուած են հրթիռարձակումներու: Կը նշուի նաեւ, որ մասնաւորապէս «Պոստան Ալ Փաշա» Նոր Գիւղի մօտիկ շրջանին մէջ  Սուրիոյ բանակին եւ     ահաբեկիչ  զինեալներուն   միջեւ թէժ  մարտեր  տեղի կ'ունեան:

 

 

 Լուսանկարները ՝ «Արեւելք»ին