image

Հրթիռներ Հալէպի վրայ եւ ... Բանակը կը սկսի նոր գործողութեան

Հրթիռներ Հալէպի վրայ եւ ... Բանակը կը սկսի նոր գործողութեան

Հալէպի շրջանի վրայ այսօր հրթիռներ ինկած են: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը, նաեւ յայտնեց, որ հրթիռներ ինկած են մասնաւորապէս Հալէպի «Սուլայմանիյէ» շրջանի «Մահարի» անունը կրող դպրոցի տանիքին վրայ: Հրթիռներուն հետեւանքով վիրաւորուած է երեխայ մը: Միւս կողմէ եւ ըստ Սուրիոյ բանակի աղբիւրներուն, բանակը շղթայազերծած է զինուորական գործողութեան մը, որուն հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ բանակի տիրապետութեան գօտին լայնցընել յատկապէս քաղաքի արեւելեան շրջաններուն ուղղութեամբ: Նշենք, որ այդ շրջաններուն մէջ կան իսլամիստ տասնեակ խմբաւորումներ, որոնց հիմնականը կը համարուին «Ահրար Ալ Շամ» եւ «Ժընտ ալ քուտս» խմբաւորումները: Այդ շրջանններուն մէջ ապրող բնակչութեան թիւը կը հասնի մինչեւ 250 հազարի: