Այս առաւօտ հրթիռներ ինկած են Հալէպի տարբեր շրջաններու վրայ: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը, նոյնպէս փոխանցեց, որ հրթիռներէն մին ինկած է Հալէպի ասորիներու առաջորդարանի շէնքին տանիքը: Կը հաղորդուի, որ հրթիռը պատճառած է նիւթական ծանր վնասներ:
Յիշեցնենք, որ անցնող ժամերուն ընթացքին հաստատուած հրադադարը առաջին անգամ ըլլալով կը խախտուէր այս առաւօտ: Մինչ ռուսական ուժեր տարածուած են Քասթէլոյի շուրջ եղող դիրքերուն վրայ, անդին ՄԱԿ-ի կողմէ առաքուած մարդասիրական առաջին շարասիւնը կը սպասէ համապատասխան ազդանշանին Հալէպի արեւելեան շրջաններ մուտք գործելու համար:
Ինչ կը վերաբերի Հալէպի հայկական թաղամասերուն, կարելի է ըսել, որ այդ շրջաններուն մէջ եւս զգուշաւոր իրավիճակ կը տիրէ, մինչ համայնքը կը պատրաստուի յառաջիկայ երկուշաբթի օր սկիզբ առնելիք 2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին:

