image
Հրատապ լուրեր:

«Յանուն պետութեան ինքը պէտք է գնայ» էջմիածնի քաղաքապետը Փաշինեանին մասին

«Յանուն պետութեան ինքը պէտք է գնայ» էջմիածնի քաղաքապետը Փաշինեանին  մասին

Համացանցի մէջ տարածուած է ՀՀ Տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Սուրէն Պապիկեանի եւ Էջմիածնի քաղաքապետ Տիաննա Գասպարեանի հեռախօսազրոյցը: 

Տիանա Գասպարեանը կը դժգոհի Նիկոլ Փաշինեանէն, յայտարարելով, թէ վերջինս յանուն պետութեան պէտք է հեռանայ. «Յանուն պետութեան ինքը պիտի գնայ, թող թիմից ուրիշին ընտրեն, թող քեզ ընտրեն, իրան տարել ա արդէն, իրա հոգեկանը չի դիմանում»:

Ի պատասխան անոր` Պապիկեանը կը յորդորէ պահպանել հանգստութիւն։