image

Հրապարակուած է ՔՊ ցուցակի առաջին տասնեակը

Հրապարակուած է ՔՊ ցուցակի առաջին տասնեակը

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Իմ քայլը» դաշինքի ցուցակը պիտի գլխաւորեն վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, փոխվարչապետի պաշտօնակատար Արարատ Միրզոյեանը եւ ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Լենա Նազարեանը։

 

«Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան վարչութեան նիստի ընթացքին հաստատուած է նախընտրական ցուցակը:

Այն, բնականաբար, կը գլխաւորէ ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը: Ստորեւ կը ներկայացնենք ցուցակի առաջին տանեակը.-

1․ Նիկոլ Փաշինեան

2․ Արարատ Միրզոյեան

3․ Լենա Նազարեան

4․ Տիգրան Աւինեան

5․ Արայիկ Յարութիւնեան

6․ Ալեն Սիմոնեան

7․ Սասուն Միքայէլեան

8․ Լիլիթ Մակունց

9․ Սուրէն Պապիկեան

10․ Զառա Բաթոյեան

Յստակ որոշուած է՝ ցուցակի բոլոր անդամները պիտի մասնակցին նաեւ վարկանշային ընտրակարգով՝ բացի Նիկոլ Փաշինեանէն:

Նախընտրական ցուցակները ԿԸՀ ներկայացնելու վերջնաժամկէտը 14 նոյեմբերն է, ժամը 18։00–ը։