image

Հրանդ Տինք, Սեւակ Պալըքճի եւ ... Ֆէթհուլլա Կիւլէն

Հրանդ Տինք, Սեւակ Պալըքճի եւ ... Ֆէթհուլլա Կիւլէն

Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւին   մէջ եղած  զարգացումները, իրենց անմիջական   անդրադարձը  կ'ունենան   երկրի   մէջ  անցնող  տարիներուն «սպիտակ  բիծ»  համարուող  խնդիրներուն: Այսպէս, Թուրքիոյ    նախագահ  Ռէճէփ Էրտողանի  եւ  կրօնական գործիչ   Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի միջեւ  սկիզբ առած տարակարծութիւնը  աճելով  դարձաւ Թուրքիան յուզող  մեծագոյն  եւ բաւական բարդ  հիմնահարց: Շատերուն համար անհասկնալի  թուացող   Էրտողան- Կիւլէն  տարակարծութիւնը   այսօր  վերածուած է խորքային  թշնամութեան:  Մինչ Էրտողան 15 յուլիսին  երկիրը ցնցած յեղաշրջման  փորձը    կը բեռցնէր  Կիւլէնի եւ անոր հովանաւորած «Ֆէթո»  շարժումի  ուսերուն, անդին   Ֆէթհիւլլա Կիւլէն  բացէ  ի բաց կը յայտարարէր, որ Թուրքիան «փրկուելու» համար  ունի  մէկ ճանապարհ, որն  է՝  Էրտողանի      իշխանութիւնէն  անվարան  հեռացումը:  Այս  ընդհանուր   մթնոլորտին մէջ  երեւելի է նաեւ, որ    Թուրքիոյ  ներիշխանական   բուրգին  մէջ   երեւալի  դարձող    պատժական  տնօրինումները   կը միտին    արմատախիլ դարձնել Կիւլէնի տարիներէ ի վեր մշակած  ու «վերահսկած»   «մարմինները», որ  տարբեր առիթներով  յայտնի  դարձան, որպէս «զուգահեռ պետութիւն»: Այս  իրավիճակին մէջ է նաեւ, որ անցնող օրերուն  աննախընթաց  զարգացումներ  կը կատարուին կապուած ՝ Պոլսոյ  հայկական  «Ակօս» պարբերականի  խմբագիր   նահատակ  Հրանդ  Տինքի սպաննութեան գործի   շրջանակներուն, ինչպէս  նաեւ   թրքական բանակին մէջ դաւադրաբար սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճիի   գործին առընթեր:

Թուրքիոյ իշխանութիւնները վճռած են ամէն գնով իրենց ձեռքերը լուալ  եւ այս    զգայուն  գործերը  վերագրել  Կիւլէնեան  շարժումին:     Յիշենք,  որ  յուլիսի    դէպքերէն ասդին      Պոլսոյ մէջ   տարբեր դիրքեր   զբաղեցնող          հայ  գործիչներու դէմ  Կիւլէնիստ  ըլլալու   մեղադրանք      եղաւ, սակայն  այդ մեղադրանքները    չվերածուեցան դատական   հետապնդումներու կամ կալանքի:

Այսօր   Անգարա  կը փորձէ ամէն  գնով     հայութեան  համար  վիրաւոր կէտ  եղած  խնդիրները   «լուալ» կիւլէնեան   ջուրերով: Թէ ինչքանով   Անգարա  կը յաջողի իր այս  նոր  գծած  ծրագրին մէջ  յստակ չէ, սակայն պարզ է նաեւ, որ  վերջին օրերուն եղած  զարգացումները  կը ստեղծեն Կիւլէնը ծանրագոյն մեղքերու մեղադրեալի աթոռին նստեցնելու  մթնոլորտ մը:   Երեւելի է նաեւ, որ այս ընդհանուր պատրաստութիւններուն  մէջ կարեւոր ներդրում եւ  «կանաչ լոյս» տուած են    Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն  հաւասարապէս: