Թուրքիոյ քաղաքական վերնախաւին մէջ եղած զարգացումները, իրենց անմիջական անդրադարձը կ'ունենան երկրի մէջ անցնող տարիներուն «սպիտակ բիծ» համարուող խնդիրներուն: Այսպէս, Թուրքիոյ նախագահ Ռէճէփ Էրտողանի եւ կրօնական գործիչ Ֆէթհիւլլա Կիւլէնի միջեւ սկիզբ առած տարակարծութիւնը աճելով դարձաւ Թուրքիան յուզող մեծագոյն եւ բաւական բարդ հիմնահարց: Շատերուն համար անհասկնալի թուացող Էրտողան- Կիւլէն տարակարծութիւնը այսօր վերածուած է խորքային թշնամութեան: Մինչ Էրտողան 15 յուլիսին երկիրը ցնցած յեղաշրջման փորձը կը բեռցնէր Կիւլէնի եւ անոր հովանաւորած «Ֆէթո» շարժումի ուսերուն, անդին Ֆէթհիւլլա Կիւլէն բացէ ի բաց կը յայտարարէր, որ Թուրքիան «փրկուելու» համար ունի մէկ ճանապարհ, որն է՝ Էրտողանի իշխանութիւնէն անվարան հեռացումը: Այս ընդհանուր մթնոլորտին մէջ երեւելի է նաեւ, որ Թուրքիոյ ներիշխանական բուրգին մէջ երեւալի դարձող պատժական տնօրինումները կը միտին արմատախիլ դարձնել Կիւլէնի տարիներէ ի վեր մշակած ու «վերահսկած» «մարմինները», որ տարբեր առիթներով յայտնի դարձան, որպէս «զուգահեռ պետութիւն»: Այս իրավիճակին մէջ է նաեւ, որ անցնող օրերուն աննախընթաց զարգացումներ կը կատարուին կապուած ՝ Պոլսոյ հայկական «Ակօս» պարբերականի խմբագիր նահատակ Հրանդ Տինքի սպաննութեան գործի շրջանակներուն, ինչպէս նաեւ թրքական բանակին մէջ դաւադրաբար սպաննուած հայ զինուոր Սեւակ Պալըքճիի գործին առընթեր:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները վճռած են ամէն գնով իրենց ձեռքերը լուալ եւ այս զգայուն գործերը վերագրել Կիւլէնեան շարժումին: Յիշենք, որ յուլիսի դէպքերէն ասդին Պոլսոյ մէջ տարբեր դիրքեր զբաղեցնող հայ գործիչներու դէմ Կիւլէնիստ ըլլալու մեղադրանք եղաւ, սակայն այդ մեղադրանքները չվերածուեցան դատական հետապնդումներու կամ կալանքի:
Այսօր Անգարա կը փորձէ ամէն գնով հայութեան համար վիրաւոր կէտ եղած խնդիրները «լուալ» կիւլէնեան ջուրերով: Թէ ինչքանով Անգարա կը յաջողի իր այս նոր գծած ծրագրին մէջ յստակ չէ, սակայն պարզ է նաեւ, որ վերջին օրերուն եղած զարգացումները կը ստեղծեն Կիւլէնը ծանրագոյն մեղքերու մեղադրեալի աթոռին նստեցնելու մթնոլորտ մը: Երեւելի է նաեւ, որ այս ընդհանուր պատրաստութիւններուն մէջ կարեւոր ներդրում եւ «կանաչ լոյս» տուած են Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն հաւասարապէս: