image
Հրատապ լուրեր:

Հիւսիսային Քորէայի դրամատուները հեռացուած են Swift միջազգային պանքային համակարգէն

Հիւսիսային Քորէայի դրամատուները հեռացուած են  Swift միջազգային պանքային համակարգէն

Հիւսիսային Քորէային հեռացուցած են Swift միջազգային դրամատնային համակարգէն: Այս մասին կը հաղորդէ «businesstimes» գործակալութիւնը՝ վկայակոչելով Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Տիտիէ Ռէյնտէրսին, ուր կը գտնուի Swift-ի գլխաւոր գրասենեակը։


Պատժամիջոցները կը վերաբերին երեք հիւսիսքորէական դրամատուներու՝ ի պատասխան հերթական հրթիռային փորձարկումներուն:


Կը նշուի, որ Swift-ի պաշտօնական կայքին մէջ դեռ տեղեկութիւններ չկան աշխատանքի սահմանափակումներու մասին:


Յիշեցնենք, որ 6 մարտին Հիւսիսային Քորէան Ճափոնի ուղղութեամբ նոր հրթիռային մեկնարկ իրականացուցած է: ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դատապարտած է այս գործողութիւնները եւ սպառնացած «պատասխան քայլերով»: