ՀՀ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատար Արմէն Ամիրեանը յայտարարած է իր հրաժարականի մասին:
Այս մասին տեղեկացուցած է ՀՀ մշակոյթի նախարարի պաշտօնակատարի մամուլի քարտուղար Ռուզաննա Խաչատրեանը:
«Քիչ առաջ Արմէն Ամիրեանը իր հրաժարականի մասին յայտարարեց ցուցարարներու մօտ: Լրացուցիչ տեղեկութիւնները՝ քիչ աւելի ուշ»,- ըսած է մամուլի խօսնակը:
Նշենք, որ այսօր խումբ մը դերասաններ միացած են գործադուլին եւ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած են Մշակոյթի նախարարութեան շէնքի մօտ: Անոնք նշած են, որ նկարահանումները կասեցուած են եւ կոչ ըրած են նախարարի պաշտօնակատարին միանալ իրենց: