image

Հեռակառավարմամբ Նախագահի Թեկնածուի Որոնումներ.Սեւակ Յակոբեան

Հեռակառավարմամբ Նախագահի Թեկնածուի Որոնումներ.Սեւակ Յակոբեան

Նախորդ շաբաթուան Լիբանանի քաղաքական բեմի իրադարձութիւնները բաւական լուրջ թեկնածուի վերածեցին Սըլէյման Ֆրանժիէն, իսկ Դեկտեմբեր 16-ը նախագահի ընտրութեան շատ հաւանական թուական՝ նամանաւանդ Մարոնիներու պատրիարքին Ֆրանժիէի ի նպաստ յստակ դիրքորոշումի լոյսին տակ, որուն վրայ եկաւ աւելնալու « Ալ Մուսթաքպալ» հոսանքի պատասխանատուներէն Ահմատ Հարիրիի մտահոգիչ մէկ նշումը, որ եթէ շուտով նախագահ չկարենանք ընտրել՝ ապա նոր նախագահի մը ընտրութիւնը կրնայ... արիւնով ըլլալ:

Սէուտական Արաբիոյ հաւանութիւնը նոյնպէս յստակացաւ դեսպան Ասիրիի յայտարարութիւններով: Այս մէկը արդէն իսկ պարզ էր առաջին օրէն եւ այս սիւնակին մէջ ատենին նշած էինք, թէ անկարելի է, որ Սաատ Հարիրի – Ֆրանժիէ նախագահական թղթածրարով հանդիպում մը պատահի՝ առանց Սէուտական Արաբիոյ օրհնութեան...:

Արեւմուտքին ալ դիրքորոշումը յստակ է ի նպաստ Ֆրանժիէին՝ նուազագոյնը Ամերիկեան դեսպանատան գործավարին անոր այցելութիւններով, իսկ Ֆրանսայինը՝ նախագահին անոր հետ կատարած հեռաձայնային խօսակցութիւններով:

Կը մնայ քրիստոնեայ գլխաւոր միւս երեք կողմերուն՝ Աուն – Ժաաժաա – Ժեմայէլ հանգոյցը, որ ըստ երեւոյթին դժուար պիտի ըլլայ քակել՝ մինչեւ օրս անոնց ցոյց տուած չկամութեան ի տես: Ի՞նչ կրնայ պատահիլ եթէ յանկարծ քաղաքական վարուելագիտական (tactical) ձեռնավարութեամբ (manipulation) մը, անոնք համաձայնին Աունի թեկնածութիւնը որդեգրելով զայն առաջ քշել...: Իսկ «Ալ Մուսթաքպալ»-«Լիբանանեան Ուժեր»-«Փաղանգաւոր» 14 Մարտի հովանիին տակ գործող դաշինքին ճակատագիրը ի՞նչ պիտի ըլլայ այս պարագային...:

Մինչ այդ ո՞ւր է «Հըզպալլա»ին դիրքորոշումը Ֆրանժիէի թեկնածութեան  նկատմամբ: Առաջին օրերու բացարձակ լռութենէն ետք, շաբաթավերջին այդ կողմէ լսուեցան կարգ մը յուշումներ, թէ Աունի կողքին կենալը իրենց համար սկզբունքային է...: Լո՞ւրջ է այս սկզբունքայնութիւնը, թէ ժամանակ շահելու միջոց, քանի որ Իրան տակաւին պատրաստ չէ ընդունելու Սէուտական կարգադրութիւնը: «Հըզպալլա»ն Աունը կ՛ուզէ՝ թէ՞ նախագահական աթոռի թափուրին երկարաձգումը...:

Եթէ անցեալ շաբաթասկիզբի նախագահական հարցի լուծման նշոյլները համեմատաբար յստակ էին, ապա անոնք  պղտորեցան շաբաթավերջին՝ վերը նշուած պատճառներով:

Նոր շաբթուան մը սկիզբը ենթադրենք, որ տարօրինակ հակասութիւններով լեցուն ու շատ յաճախ  հեռակառավարման գործիքով (remote control) բանող այս երկիրին մէջ, ամէն անակնկալ կարելի է յուսալ կամ սպասել...:

Սեւակ Յակոբեան