Թուրքիոյ ընդդիմադիր HDP կուսակցութիւնը ցնոր տնօրինութեամբ մասնակի կերպով սառեցուց իր խորհրդարանական գործունէութիւնը: Այս մասին կուսակցութիւնը յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ՝ դիտել տալով, որ իրենք որոշած են դադրեցնել իրենց խորհրդարանական գործունէութիւնը մինչեւ կուսակցութեան ղեկավար անդամներու ազատ արձակուիլը: Յիշեցնենք, որ ուրբաթ առաւօտ կանուխ նշեալ կուսակցութեան 11 (որոնց մէջ նաեւ՝ համանախագահներ Տէմիրթաշ եւ Եուքսէկտաղ) երեսփոխաններ ձերբակալուած ու բանտ տարուած էին: Անոնք մինչեւ այս ժամը կը շարունակեն մնալ կալանքի տակ, եւ երկրի դատական մարմինները այդ առումով յստակ որոշում մը չեն հրապարակած: Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլին համաձայն HDP կուսակցութեան վերնախաւը կը մեղադրուի Անգարայի կողմէ ահաբեկչական խմբաւորում համարուող PKK-ի հետ գործակցելու մեղադրանքով: