image

Քուէյթահայ Յակոբ Գույումճեանի գործունէութիւնը դարձեալ կը գնահատուի

Քուէյթահայ Յակոբ Գույումճեանի գործունէութիւնը դարձեալ կը գնահատուի

Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ տնտեսական նախաձեռնութիւններով հանդէս եկող Յակոբ Գույումճեանի անունը ծանօթ է  «Արեւելք»ի ընթերցողներուն։

Մեր հայրենակիցը, որ հիմնած է «ԱԿՇՆ ՔՈ» ՍՊԸ FOTON ARMENIA ընկերութիւնը, կը շարունակէ իր ժրաջան գործունէութիւնը ձեռք բերելով նորարնոր յաջողութիւններ։

Տարբեր յատկանիշներ եւ առաւելութիւններ ունեցող ծանր եւ կիսածանր մեքենանարու ներկրմամբ զբաղող Յակոբ Գույումճեան ներկայացնելով «ՖՈՏՈՆ» ընկերութիւնը, վերջերս մասնակցած է Global Media House-ի կազմակերպած մէկ միջոցառման, որուն ներկայ եղած են տնտեսական ծաւալուն աշխատանք կատարող շարք մը ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ։

Ներկաներ, որոնք մեծապէս գնահատած են «ՖՈՏՈՆ» ընկերութեան աշխատանքը, դրուատական խօսքեր հնչեցուցած են Յակոբ Գույումճեանի մասին, նշելով, որ հակառակ տնտեսական դժուարին պայմաններուն մեծ աշխատանք կը տանի շարունակելու համար իր հիմնած ընկերութեան հանրօգուտ գործունէութիւնը։

Յաջողութիւն եւ նորանոր վերելքներ կը մաղթենք մեր թերթի բարեկամ ՝ Տիար Յակոբ Գույումճեանին, մաղթելով, որ Հայաստանի համար դժուարին այս օրերը կարելի կ՚ըլլայ հաւաքական կամքով դիմագրաւել հասնելու համար  աւելի  դրական  վիճակներու։