ՆԱԹՕ-ն հաստատած է Իրաքի մէջ իր ուսումնական առաքելութիւնն ընդլայնելու որոշումը, կը նախատեսէ աստիճանաբար աւելցնել իր զօրակազմը` այն 500-էն հասցնելով 4000 մարդու: Այս մասին ըսած է դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Եէնս Սթոլթէնպըրկը դաշնակից երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ղեկավարներու հետ տեսահաղորդակցային խորհրդաժողովի ժամանակ, գրած է «ՌԻԱ Նովոստի» գործակալութիւնը:
«Մենք որոշում կայացուցած ենք ընդլայնել ՆԱԹՕ-ի ուսումնական առաքելութիւնը Իրաքի մէջ՝ աջակցելու իրաքեան ուժերուն ահաբեկչութեան դէմ պայքարին, կանխելու ԻՊ-ի վերադարձը (Իսլամական պետութիւն): Մեր առաքելութեան զօրակազմի թիւը 500-էն պիտի դառնայ մօտ 4000 մարդ»,-ըսած է Սթոլթէնպըրկը:
Դաշինքի պաշտպանութեան նախարարներու ղեկավարներու հանդիպման նախօրէին ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա ալ-Քասէմիի հետ նոյնպէս քննարկած է դաշինքի առաքելութեան ընդլայնումը:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել