Յունիս 29-ին Կոմիտասի անուան կամերային երաժշտութեան տան մէջ տեղի կ’ունենայ լիբանանահայ հայրենադարձ օփերայի երգիչ Գէորգ Հաճեանի մենահամերգը:
«Արեւելքին» երգիչը յայտնեց, որ համերգային ծրագիրը կը նուիրուի Մայիսեան հերոսամարտերու եւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100-ամեակներուն:
Երեկոյի ընթացքին պիտի հնչեն Կոմիտասի, Արմէն Տիգրանեանի, Դանիէլ Երաժիշտի ստեղծագործութիւնները եւ ազգային-հայրենասիրական երգեր: