«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ երկար տարիներէ ի վեր Քէօլն հաստատուած հասարակական գործիչ Պետրոս Կարինեանը
-Ե՞րբ եւ ի՞նչ պատճառով որոշեցիք Պոլիսէն Գերմանիա մեկնիլ։
1980-ականներուն, երբ աջակողմեաններու եւ ձախակողմեաններու միջեւ խլրտումները սկսան եւ Թուրքիոյ մէջ ապրող փոքրամասնութիւնը սկսաւ վախի մթնոլորտ մը ապրիլ մեծ թիւով հայեր լքեցին Պոլիսը։ Այդ օրերուն էր նաեւ, որ յաճախակի յարձակումներ կը գործուեցան հայոց Պատրիարքարանին, հայ եւ քրիստոնեայ եկեղեցիներուն ու գերեզմաննոցներուն վրայ։ Այս բոլորին կողքին կար նաեւ գլխաւոր եւ շատ կարեւոր հարց մը՝ զինուորական ծառայութեան հարցը, որ մեծ մտահոգութիւն էր որեւէ ծնողքի մը համար: Հետեւաբար մտածեցինք հեռանալ Թուրքիայէն: Սկիզբը կ'ուզէինք Ֆրանսա երթալ, սակայն մեր ծնողները ընդիմացան եւ ի վերջոյ որոշեցինք Գերմանիա հաստատուիլ։ Եղբայրս արդէն Գերմանիա հաստատուած էր։ Այդ ժամանակ վիզայի հարց ալ չկար, Գերմանիա հասանք եւ որպէս փախստական յանձնուեցանք...: Այս տարի իր լրումին կը հասնի մեր Քէօլն քաղաքին մէջ հաստատուելուն 38-տարին։
-Քէօլնը հայութեան գլխաւոր կեդրոններէն մէկն է, ինչ տեղեկութիւններ կրնաք փոխանցել այդ մասին։
Այո', Գերմանիոյ մէջ հայութեան գերակշիռ մասը Քէօլնի մէջ կը բնակի: Քէօլնի մէջ է նաեւ հայոց Առաջնորդարանը, որ հիմնուած է 1994-ին։ Վաղ շրջանին Քէօլնի եւ շրջակայքի քաղաքներու մէջ հայութեան թիւը կը հասնէր 4000-5000-ի, սակայն ներկայիս որ մեծ հոսք մը կայ՝ ըլլայ հայաստանցիներու, ըլլայ սուրիահայերու՝ կը հասնի մինչեւ 8000-ի: Մեծ հոսք կայ, մանաւանդ, Հայաստանի գիւղերէն Էջմիածնէն եւ շրջակայքի գիւղերէն: Անոնք, որոնք Հայաստանէն կու գան, կրնամ ըսել մեծամասնութիւնը հիւանդ է դժբախտաբար եւ բուժուելու կու գան, որովհետեւ Գերմանիոյ կառավարոթիւնը ամէն ինչ ապահոված է եւ բոլոր բժշկական ծախսերը կառավարութիւնը կը հոգայ:
-Իսկ վերջին դէպքերը՝ սուրիացիներ, իսլամներ, երբ մեծ թափով մտան Գերմանիա տարաձայնութիւն մը եղաւ, որ պետութիւնը զատողութիւն կ'ընէ, մանաւանդ Հայաստանէն գաղթողներուն, եւ որովհետեւ Հայաստանի մէջ պատերազմ չկայ ըսած են, թէ իրենք պարտաւոր չեն անոնց հոգալու:
Այո', ճիշդ է, որովհետեւ, դժբախտաբար, Հայաստանէն եկողները յաճախ խաբէութեան կը դիմեն եւ կ'ըսեն, թէ Սուրիայէն եկած են: Դէպք մը պատահած էր, որուն ես անձամբ ականատես եղայ: Հայաստանցիներ եկած էին եւ ըսած էին, որ Սուրիայէն եկած են, հետեւաբար հարցազրոյցին արաբ թարգմանիչ բերած էին, բայց ի յայտ եկաւ որ անոնք արաբերէն չեն գիտեր: Այսպիսով բացայայտուեցաւ անոնց խաբէութիւնը: Հետեւաբար պետութիւնը աւելի զգօն է, որովհետեւ շատ են այսպիսի պարագաներ: Եւ անոնք կախեալ վիճակի մէջ են՝ պետութիւնը զիրենք ո'չ երկրէն դուրս կը դնէ եւ ոչ ալ կարգավիճակ կու տայ:
- Այս վիճակի մէջ գտնուող հայաստանցիներու թիւը մե՞ծ է:
Քէօլնի մասին եթէ խօսելու ըլլանք՝ այո, շատ մեծ է Հայաստանէն եկողներուն թիւը, որովհետեւ կը լսեն, թէ Գերմանիան տուն կու տայ, դրամ կու տայ, բժշկականը կ'ապահովէ, օգնութիւն կու տայ: Սուրիացիներու մեծամասնութիւնն ալ ինչո՞ւ Գերմանիա գալ կ'ուզեն՝ նոյն պայմաններուն համար: Կախեալ վիճակի մէջ գտնուողներու թիւը կը հասնի 3000-ի: Այսինքն՝ յստակ չէ թէ պիտի մնան կամ երկրէն դուրս պիտի դրուին:
- Քէօլնի համայնքը կազմակերպուա՞ծ է. գիտենք որ քանի մը կազմակերպութիւններ կան, բայց ոչ՝ շատ: Ի՞նչ կրնաք փոխանցել մեզի համայնքի կեանքի մասին:
Եթէ հայաստանցիներու առումով մօտենանք հարցին, Քէօլնի մէջ շատ բան մը չունինք ընելու անոնց համար։ Համայնքը գաղութին համար գործնական բան մը չի կրնար ընել անոնց համար: Սակայն, բնականաբար շփում ունինք, տօներուն եկեղեցի կու գան եւ այլն: Չենք կրնար օգնել, որովհետեւ պետութիւնը իր օրէնքներն ու պայմանները ունի, որ իւրաքանչիւր գաղթական պէտք է լրացնէ:
- Ի՞նչ կրնաք ըսել Գերմանիոյ սուրիահայ գաղթականներու մասին:
Սուրիահայերու թիւը Քէօլնի մէջ շատ մեծ չէ՝ հազիւ 20-30 ընտանիք կայ: Միւնիխի մէջ, ինչպէս լսած եմ, սուրիահայերու թիւը աւելի մեծ է: