image

Հայաստանը Թուրքիայէն օգնութիւն չէ խնդրած. Աննա Նաղտալեանի մեկնաբանութիւնը

Հայաստանը Թուրքիայէն օգնութիւն չէ խնդրած. Աննա Նաղտալեանի մեկնաբանութիւնը

Հայաստանի ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Աննա Նաղտալեանն արձագանգած է նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի շրջանակներու մէջ թրքական կողմէ հնչող յայտարարութիւններուն։ Ա. Նաղտալեանի յայտարարութիւնը հրապարակուած է նախարարութեան կայքին մէջ: 

Հարց. Թրքական կողմը յայտարարած է, որ նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի շրջածիրէն ներս Հայաստանն օգնութիւն կը խնդրէ Թուրքիայէն եւ վերջինս պատրաստ է տրամադրելու այդ օգնութիւնը: Միաժամանակ Թուրքիոյ ԱԳՆ հրաւիրուած է Թուրքիոյ մէջ Չինաստանի դեսպանը՝ Հայաստանին տրամադրուած օգնութեան արկղերուն վրայ գրառման առնչութեամբ պարզաբանում տալու համար: Ինչպէս կը մեկնաբանէք այդ:

Պատասխան. Մենք արդէն իսկ նշած ենք, որ Հայաստանի կողմէ շարունակական ջանքեր կը ձեռնարկուին այսօր դժուար կացութեան մէջ յայտնուած մեր քաղաքացիները հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ՝ յատկապէս այն երկիրներէն, ուր լայն տարածում ստացած է նոր տիպի «Քորոնա» ժահրի համավարակը:

Այս ծիրէն ներս պէտք է նշեմ, որ արդէն իսկ ուրբաթ օր Հայաստան տեղափոխուած են Թուրքիա գտնուող եւ վերադառնալու ցանկութիւն յայտնած մեր 73 քաղաքացիներ. այս հարցով ՀՀ ԱԳՆ պաշտօնական օղակները համագործակցած են թրքական եւ վրացական համապատասխան մարմիններու հետ: Թրքական կողմի հետ համագործակցութիւնը սահմանափակուած է միայն այս շրջանակով, եւ Հայաստանը չէ դիմած այս շրջանակէն դուրս որեւէ այլ աջակցութեան խնդրանքով:

Հարկաւոր է նշել, որ Թուրքիոյ կողմէ Հայաստանի շարունակուող ցամաքային շրջափակման, դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեան պայմաններուն՝ երկու երկիրներու փոխգործակցութեան հնարաւորութիւններն էականօրէն սահմանափակ են եւ կը պահանջեն իրական բարի կամք ու վստահութեան ստեղծում:

Ցաւօք սրտի, թրքական կողմէ «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ծիրէն ներս հնչած որոշ յայտարարութիւնները չեն նպաստեր համագործակցութեան ապաքաղաքականացուած եւ մարդասիրական միջավայրի ձեւաւորման: 

Յատկապէս ափսոսանքի արժանի է երրորդ երկրի կողմէ Հայաստանին տրամադրուող աջակցութեան, ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ազգային խորհրդանիշներու հանդէպ անյարգալից վերաբերմունքը ու անհարկի քաղաքականացումը: