image

Հայաստանը կը թեւակոխէ պատմական շրջափուլ. Նիկոլ Փաշինեան երեկոյեան հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ

Հայաստանը կը թեւակոխէ պատմական շրջափուլ. Նիկոլ Փաշինեան երեկոյեան հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, 16 hոկտեմբերի երեկոյեան, հանդէս պիտի գայ յայտարարութեամբ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, կառավարութեան այսօրուան նիստին յայտարարած է ՀՀ վարչապետը:

«Հայաստանը կը թեւակոխէ պատմական շրջափուլ, որուն արդիւնքներով պէտք է աւարտին հասցնենք գարնան Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ ժողովրդական յեղափոխութիւնը: Բայց այդ մասին ես աւելի յստակ յայտարարութեամբ հանդէս պիտի գամ այսօր երեկոյեան»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան:

Կ՝ակնկալուի, որ այսօր, ՀՀ վարչապետը յայտարարէ հրաժարական տալու մասին, որուն իբրեւ արդիւնք պէտք է իրականացուին արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններ: