image

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 5-ի

Հայաստանի մէջ «Քորոնա» Ժահրով վարակուած անձերու հաստատուած թիւը հասաւ 5-ի

Արցախի Հանրապետութեան մէջ «Քորոնա» Ժահր յայտնաբերուած է եւս երկու անձի մօտ։ Այս մասին կը յայտնէ Արցախի Հանրապետութեան առողջապահութեան նախարարութիւնը։

«Քորոնա» Ժահրը յայտնաբերուած է օրուայ ընթացքին քննուած անձերէն երկուքի մօտ։ Հաստատուած դէպքերու թիւը հասած է 5–ի։

Առաջին վարակակիրը Միրիկ համայնքի հաստատուած դէպքով բնակիչի ընտանիքի անդամ է, որու առողջական վիճակը կը գնահատուի բաւարար, երկրորդը՝ երկկողմանի թոքաբորբով, էպիդեմիոլոգիական անամնեզով, Հանրապետական բժշկական կեդրոն ընդունուած Շահումեանի շրջանի Քարվաճառ քաղաքի, 1951-ի ծնունդ բնակիչ, որու առողջական վիճակն այս պահուն կը գնահատուի միջին ծանրութեան. ունի նաեւ ուղեկցող քրոնիկական հիւանդութիւններ:

Նշուած քաղաքացիի ընտանիքի անդամները վերջին 3 օրերուն գտնուած են ինքնամեկուսացման մէջ՝ բժիշկներու խիստ հսկողութեան ներքոյ, իսկ քաղաքացիի հետ սերտ շփում ունեցողներու ու հաւանական «Քորոնա» Ժահրի շրջանակները կը ճշդուին: