Հայաստանի մէջ հաստատուած է «Քորոնա» ժահրով վարակուելու 28 նոր դէպք։ Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ը, այս մասին «Ֆեյսպուք»-ի ուղիղ եթերի ժամանակ յայտնած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։
«Մենք երէկ ունեցած ենք 685 քննութիւն, որմէ դրական եղած է 28-ը։ Շատ կարեւոր վիճակագրութիւն ունինք, որ առաջին անգամ մեր դրական դէպքերը գրեթէ կրկնակի աւելի քիչ են, քան առողջացման դէպքերը։ Երէկուայ դրութեամբ մենք 54 առողջացման դէպք ունեցած ենք։ Այսօր ունինք 786 աշխոյժ դէպք, այսինքն՝ աշխոյժ դէպքերու որոշակի նուազում ունինք։ Այս ալ առաջին անգամն է, երբ օրուայ արդիւնքով մեր վարակակիր հիւանդներու թիւը ոչ թէ կ'աճի, այլ կը նուազի»,- ըսած է Փաշինեանը։