image

Հայաստանի մէջ նուազագոյն ամսավճառը պիտի դառնայ 68.000 դրամ

Հայաստանի  մէջ նուազագոյն  ամսավճառը  պիտի դառնայ    68.000  դրամ

Կառավարութիւնը   27 Յունիսի  իր  նիստին որոշեց հաւանութիւն տալ «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծին:

 

Զեկուցող Կեմաֆին Գասպարեան ներկայացուց  ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Վարազդատ Կարապետեանի եւ Բաբկէն Թունեանի ներկայացուցած նախագիծը, որուն  շնորհիւ  կ՛առաջարկուի նուազագոյն աշխատավարձի չափը սահմանել 55 հազար դրամի փոխարէն 63.000  դրամ, իսկ կառավարութիւնը  նախատեսած է, որ  նուազագոյն ամսավճառը դառնայ   68.000  դրամ։

 

 Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարեց նաեւ աշխատողներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է այդ ոլորոտին մէջ չարաշահումները բացառել, հաշուի առնուին ոչ միայն գործատուի, այլեւ աշխատողի շահերը:

 

 Նշենք, որ   յաւելման  մասին օրինագիծը  պիտի քննարկուի  ՀՀ Ազգային Ժողովէն ներս։