Կառավարութիւնը 27 Յունիսի իր նիստին որոշեց հաւանութիւն տալ «Նուազագոյն ամսական աշխատավարձի մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի նախագիծին:
Զեկուցող Կեմաֆին Գասպարեան ներկայացուց ԱԺ «Իմ քայլը» խմբակցութեան պատգամաւորներ Վարազդատ Կարապետեանի եւ Բաբկէն Թունեանի ներկայացուցած նախագիծը, որուն շնորհիւ կ՛առաջարկուի նուազագոյն աշխատավարձի չափը սահմանել 55 հազար դրամի փոխարէն 63.000 դրամ, իսկ կառավարութիւնը նախատեսած է, որ նուազագոյն ամսավճառը դառնայ 68.000 դրամ։
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կարեւոր համարեց նաեւ աշխատողներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է այդ ոլորոտին մէջ չարաշահումները բացառել, հաշուի առնուին ոչ միայն գործատուի, այլեւ աշխատողի շահերը:
Նշենք, որ յաւելման մասին օրինագիծը պիտի քննարկուի ՀՀ Ազգային Ժողովէն ներս։