Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեանը կը մասնակցի Ազգային ժողովի Ապրիլեան պատերազմի հանգամանքները քննող յանձնաժողովի նիստին։ «Արմէնբրես»-ի փոխանցմամբ՝ նիստը կ'ընթանայ դռնփակ ռեժիմով, իսկ յանձնաժողովը Սարգսեանին պիտի տրամադրէ նիստի տեսագրութիւնը։
7 Ապրիլին Սերժ Սարգսեանի գրասենեակը պաշտօնական գրութեամբ պատասխանած էր ՀՀ Ազգային ժողովի պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Անդրանիկ Քոչարեանի գրութեան՝ նշելով, որ ՀՀ կառավարութեան կողմէ արտակարգ դրութեան ժամկէտի երկարաձգման որոշում կայացնելու պարագային Սարգսեանը պատրաստ է 16 ապրիլին՝ ժամը 14:00-ին, այցելել քննիչ յանձնաժողով։
Գրասենեակը խնդրած էր պարզաբանել` արդեօք յանձնաժողովի փակ նիստը կը ձայնագրուի, թէ ոչ եւ տեղեկացուցած, որ Սերժ Սարգսեանը նպատակայարմար կը գտնէ քննիչ յանձնաժողով այցելել` պայմանով, որ ձայնագրութեան մէկ օրինակը նիստէն ետք տրամադրուի ՀՀ երրորդ նախագահին, եթէ նիստի ընթացակարգով ձայնագրութիւն նախատեսուած է, հակառակ պարագային` տալ ձայնագրման հնարաւորութիւն:
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսվել