Թուրք իրաւապաշտպան եւ իր հայամէտ կեցուածքներով յայտնի Օրհան Քէմալ Ճէնկիզ ազատ արձակուած է: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պոլսոյ մէջ գործող «Թուրքիոյ մարդու իրաւունքներ» հիմնարկին մօտիկ կանգնող աղբիւրէ մը: Մեր աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ Օրհան եւ իր կինը օրեր առած ձերբակալուած էին Պոլսոյ «Աթաթուրք» օդակայանին մէջ երբ կը ճամբորդէին դէպի Լոնտոն: Հարցաքննութիւններու ենթարկուելէ ետք իշխանութիւնները ազատ արձակած են Ճէնկիզն ու անոր կինը: Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսին եղած յեղաշրջման փորձէն ասդին սկիզբ առած ձերբակալութիւնները կը շարունակուին մեծ թափով: Երկրին մէջ իրադրութիւնը կը մնայ լարուած եւ 3 ամիսով յայտարարուած «պարէտային ժամ»ի դրութիւնը կրնայ երկարաձգուիլ: