image

Հարիրիի գլխաւորած կառավարութիւնը վստահութեան քուէ ստացաւ

Հարիրիի   գլխաւորած կառավարութիւնը վստահութեան  քուէ   ստացաւ

Լիբանանի   վարչապետ Սաատ Հարիրիի կազմած  կառավարութիւնը, որ առաջինն է    նախագահ  զօր. Միշէլ Աունի   պաշտօնավարման  շրջանին քիչ առաջ  վստահութեան քուէ ստացաւ:  Այս մասին  տեղեկութիւնը   փոխանցած են լիբանանեան աղբիւրներ:   Կը հաղորդուի նաեւ , որ  խորհրդարանի անդամ բոլոր  հինգ   հայ  երեսփոխանները վստահութեան քուէ շնորհած են    նորակազմ կառավարութեան: Նշենք, որ կառավարութեան  մաս կը կազմեն երկու հայ ազգի  նախարարներ ՝     Ժան Օղասաբեան եւ Աւետիս Կիտանեան:  Նշենք, որ Հարիրիի  գլխաւորած կառավարութիւնը    ստացաւ 87  քուէ, մինչ  5   երեսփոխաններ դէմ քուէարկեցին եւ  34 ուրիշներ բացակայացեն այսօրուան նիստէն: