Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրիի կազմած կառավարութիւնը, որ առաջինն է նախագահ զօր. Միշէլ Աունի պաշտօնավարման շրջանին քիչ առաջ վստահութեան քուէ ստացաւ: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցած են լիբանանեան աղբիւրներ: Կը հաղորդուի նաեւ , որ խորհրդարանի անդամ բոլոր հինգ հայ երեսփոխանները վստահութեան քուէ շնորհած են նորակազմ կառավարութեան: Նշենք, որ կառավարութեան մաս կը կազմեն երկու հայ ազգի նախարարներ ՝ Ժան Օղասաբեան եւ Աւետիս Կիտանեան: Նշենք, որ Հարիրիի գլխաւորած կառավարութիւնը ստացաւ 87 քուէ, մինչ 5 երեսփոխաններ դէմ քուէարկեցին եւ 34 ուրիշներ բացակայացեն այսօրուան նիստէն: