image

Հալէպի մէջ ծանրօրէն վիրաւորուած Յարութ Աւագեան աւանդեց իր հոգին

Հալէպի մէջ ծանրօրէն  վիրաւորուած Յարութ Աւագեան  աւանդեց իր հոգին

Տասն  օր առաջ վիրաւորուած եւ ծանր այրուածքներ ստացած Յարութ Աւագեան (1986-ի ծնունդ) աւանդեց, իր հոգին: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Յարութ «Թէլէֆոն Հաուայի» շրջանին մէջ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք փոխադրուած էր հիւանդանոց՝ համապատատասխան բուժումներ ստանալու համար, բայց այրուածքներուն խորութեան հետեւանքով անոր վիճակը չէր բարելաւուած:

Յիշեցնենք, որ հանգուցեալ Յարութի մայրը չորս ամիս առաջ զոհուած էր Սլէյմանիյէ թաղամասին վրայ ինկած հրթիռի մը հետեւանքով: