Հալէպի մէջ ահաբեկչական յարձակումները չեն դադրած: Քիչ առաջ հրթիռարձակումներ իրականացուած են Հալէպի քաղաքային պալատի («Ալ-Քասր ալ-Պալատի») մօտակայքը, ինչպէս նաեւ Սաատալլահ Ալ-Ճապրի հրապարակին վրայ: «Արեւելք» այս մասին կը տեղեկանայ Հալէպի իր աղբիւրէն: Նշենք, որ ռմբակոծումները այժմ կը շարունակուին:
Վերջին տուեալներով, շրջանին վրայ ինկած հրթիռներուն թիւը կը հասնի եօթի: Կան տասնեակ մեռեալներ եւ վիրաւորներ: Ստեղծուած խուճապային մթնոլորտին մէջ շտապ օգնութեան մեքենաները վիրաւորներուն կը փութան Ալ-Ռազի հիւանդանոց տեղափոխել: