image

Հալէպի ազատագրումով ժամանակը պատմական պահ դարձաւ (Տեսանիւթ)

Հալէպի  ազատագրումով  ժամանակը պատմական  պահ  դարձաւ  (Տեսանիւթ)

Սուրիոյ   Հանրապետութեան նախագահ   Պաշշար Ասատ ուղերձ մը յղելով   շնորհաւորեց սուրիացիները  Հալէպ քաղաքի ազատագրութեան  առթիւ:

 Սուրիոյ նախագահը  այս առթիւ կարճ տեսանիւթով մը (Sana.sy) հանդէս գալով Հալէպի ազատագրումը համարած է  պատմական եւ նկատել տուած, որ այդ  յաղթանակով ժամանակը  դարձաւ  պատմութիւն: «Մարդիկ    չեն յիշեր ժամանակը, այլ կը յիշեն պատմութիւնը»,- ըսաւ նախագահ Ասատ նշելով, որ «Հալէպի ազատագրումը  կարեւոր է, ոչ միայն   Սուրիոյ,   այլ ամբողջ աշխարհին համար: Հալէպ, իր     քաջ   զաւակներուն    շնորհիւ  ժամանակը   վերածեց պատմութեան  եւ  այս քաղաքի  ազատագրումէն ետք մենք ականատես պիտի ըլլանք նոր աշխարհի  մը»: Ասատ նաեւ  ըսաւ,  որ Հալէպի     ազատագրումը   պէտք է համարել պատմադրոշմ  պահ մը,   նման օրինակ Խորհրդային Միութեան փլուզումին,  կամ     այլ կարեւոր իրադարձութիւններու:

 Նշենք, որ    այսօր  Հալէպի արեւելեան շրջանները     տեղակայուած   հազարաւոր  ահաբեկիչ զինեալներ ՄԱԿ-ի  հովանաւորութեամբ եւ ռուսական ուժերու   հսկողութեամբ  յատուկ կառքերով  հեռացած  են  դէպի Իտլիպ, որ կը համարուի  «չափաւորական» համարուած  ընդդիմութեան  գլխաւոր կեդրոնատեղին: