image

Ֆէյսպուքը... մենք եւ մեղայ ըսելու ժամանակը ...

Ֆէյսպուքը...  մենք եւ մեղայ ըսելու ժամանակը ...

Քուէյթահայ  գործիչ (արմատներով ՝Հալէպէն) Տօքթ. Ներսէս Սարգիսեան կը գրէ ՝

Ֆէյսպուքեան «անիրականութիւն»ը ներխուժած է մեր ժողովուրդի ու ազգի կեանքէն ներս եւ մեզ մխրճած կեղծիքի ճահիճներուն մէջ։ Այս թոյնը թափանցած է մեր կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս՝ անհատական թէ հաւաքական։

- Պետական այրը Եռաբլուր կ'այցելէ, ծնկաչոք խոնարհելու նահատակի շիրիմին, սակայն այդ մէկը կ'ընէ PR-ին համար ընկերակցութեամբ ֆէյսպուքեան նկարիչներու։ Ամօթ իրեն։

- Ամուսինը կնոջը սիրոյ խօսքեր կը շռայլէ    դիմատետրի  վրայ, մինչդեռ կինը որ իր կողքին է հաւանաբար զրկուած է հոգատարութենէ ։ Երեւոյթը ինքնին imitation է եւ կը գողարկէ մեծ բարդոյթներ։

- Կղերականը կարիքաւորին օժանդակելու  արարքը կը նկարէ եւ կը տեղադրէ Facebook-ին վրայ PR-ի նպատակով, հակասելով Քրիստոսի ուսմունքը, որ կ'ըսէ «Աջ ձեռքդ պէտք չէ գիտնայ ձախ ձեռքին ըրած բարիքը» եւ ասի մէկ օրինակ մըն է միայն։

Եւ այսպէս ,կրթութիւնը, հայրենասիրութիւնը ամէն ինչ մեր կեանքին մէջ դարձած են imitation։

Մէկ խօսքով խեղդուած ենք կեղծիքի մէջ։

- Կ՚ապրինք մշակութային քայքայման ամբողջ գործընթացը, աղաւաղուած է մեր ճաշակը եւ այս ընթացքով պետականութիւն չի պահուիր, որովհետեւ ֆէյսպուքեան կեղծիքը ողողած է պետականութեան ողջ էութիւնը։

Հաւաքաբար մեղայ ըսե՞նք մեզի եւ հայրենիքին համար մատաղ եղած հազարաւոր երիտասարդ նահատակներու շիրիմներուն վրայ,որովհետեւ միայն անոնք մնացին սրբութեան եւ մաքրութեան խորհրդանիշ... Եւ այդպիսով առանց կեղծիքի ու ֆէյսպուքի, բռնած կ՚ըլլանք փրկութեան ճամբուն սկիզբը...։

Պիտի ըսէք՝ «բայց կեանքը պիտի շարունակուի», կեանքը այսպէս կարելի չէ շարունակել․․․