Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատ ուղերձ մը յղելով շնորհաւորեց սուրիացիները Հալէպ քաղաքի ազատագրութեան առթիւ:
Սուրիոյ նախագահը այս առթիւ կարճ տեսանիւթով մը (Sana.sy) հանդէս գալով Հալէպի ազատագրումը համարած է պատմական եւ նկատել տուած, որ այդ յաղթանակով ժամանակը դարձաւ պատմութիւն: «Մարդիկ չեն յիշեր ժամանակը, այլ կը յիշեն պատմութիւնը»,- ըսաւ նախագահ Ասատ նշելով, որ «Հալէպի ազատագրումը կարեւոր է, ոչ միայն Սուրիոյ, այլ ամբողջ աշխարհին համար: Հալէպ, իր քաջ զաւակներուն շնորհիւ ժամանակը վերածեց պատմութեան եւ այս քաղաքի ազատագրումէն ետք մենք ականատես պիտի ըլլանք նոր աշխարհի մը»: Ասատ նաեւ ըսաւ, որ Հալէպի ազատագրումը պէտք է համարել պատմադրոշմ պահ մը, նման օրինակ Խորհրդային Միութեան փլուզումին, կամ այլ կարեւոր իրադարձութիւններու:
Նշենք, որ այսօր Հալէպի արեւելեան շրջանները տեղակայուած հազարաւոր ահաբեկիչ զինեալներ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ եւ ռուսական ուժերու հսկողութեամբ յատուկ կառքերով հեռացած են դէպի Իտլիպ, որ կը համարուի «չափաւորական» համարուած ընդդիմութեան գլխաւոր կեդրոնատեղին: