image

Հալէպահայութիւնը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Ճարապլուսի զարգացումներուն

Հալէպահայութիւնը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Ճարապլուսի զարգացումներուն

Անցնող ժամերուն Հալէպի հայկական շրջաններուն մէջ կը տիրէ զգուշաւոր հանդարտութիւն: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ Սուրիոյ բանակի ստորաբաժանումներ երեւելի պատրաստութիւններ եւ պաշտպանական դիրքերու ամրացումներ կը կատարեն Հալէպի տարբեր ճակատներուն վրայ: Մեր աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ հալէպահայութիւնը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Ճարապլուսի մէջ ընթացող զարգացումներուն եւ այդ առումով եւս կան հասկնալի մտահոգութիւններ: Նշենք, որ անցնող օրերուն թրքական բանակի երկու ջոկատներ, քսան թանկերով հատեցին Թուրքիա-Սուրիա սահմանը եւ տեղակայուեցան Ճարապլուսի մէջ: Լրատուական տարբեր աղբիւրներ այս առումով հաղորդեցին, որ Ճարապլուսի մէջ տեղակայուած Տահէշ ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներ հեռացած են այդ գօտիէն: Ինչ կը վերաբերի քաղաքական գետնի վրայ տեղի ունեցող զարգացումներուն, լրատուական աղբիւրներ կը հաղորդեն, Որ ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարներ ՝ Ճոն Քէրիի եւ Սէրկէյ Լավրովի Ժընեւի մէջ ունեցած հանդիպումները աւարտած են, որոշ համաձայնութիւններով, սակայն մինչեւ այս պահը այդ համաձայնութիւններուն կէտերը կամ գործադրութեան մէքանիզմները չեն յայտարարուած: