Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով Երեւան հաստատուած սուրիահայերու շրջանակներուն մօտ օրեր առաջ տեղեկութիւններ սկսան շրջան ընել այն մասին, որ Հալէպ մեկնիլ ցանկացող հայրենակիցներուն դրամական օժանդակութիւն կը տրուի (խօսքը ձրի տրուած վերադարձի օդանաւի տոմսին մասին է – Խմբ. «Արեւելք»), որպէսզի վերջիններս կարոողանան այդ միջոցով անվճար կերպով Հալէպ վերադառնալ: Այս մասին «Արեւելք» հարցում կատարեց Սուրիահայերու հարցերով զբաղուող «Հալէպ կազմակերպութեան» ներկայացուցիչին , որ հերքելով շրջանառուած տեղեկութիւնը յայտնեց, որ իրեք օգնութիւնը կը վերաբերի միայն անոնց, որոնք որոշած են Հալէպէն դուրս գալով Հայաստան ապաստանիլ: Նոյն աղբիւրը նաեւ փոխանցեց, որ այս օրերուն եւս Հալէպէն Երեւան հասնողներ պիտի ըլլան, սակայն կան սուրիահայեր, որոնք որոշ պարագաներու բերումով եւ զուտ անձնական ծախսերով որոշած են Հալէպ վերադառնալ: Ըստ «Արեւելք»ի աղբիւրին տակաւին շատ վաղ է խօսիլ այն մասին, թէ Հալէպ մեկնող մեր հայրենակիցները մշտական բնակութիւն պիտի հաստատեն, կամ թէ իրենց խնդիրները կարգաւորելէ ետք Երեւան պիտի վերադառնան:
Յիշեցնենք, որ օրեր առաջ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան (AMAA), Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեանի ինչպէս նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան օժանդակութեամբ հալէպահայերու նոր խումբ մը ժամանած էր Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայան: