Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է մօտ 60 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 900 կրակոց:
Բացի հրաձգային զինատեսակներէ, ատրպէյճանական զինուժը սահմանի արեւելեան ուղղութեամբ կիրառած է ականանետեր (21 արկ), իսկ հիւսիսարեւելեան հատուածին՝ 19 արկ ականանետեր ու հաստոցաւոր հակաթանկային նռնականետ (5 արկ):
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը հակառակորդի նախայարձակ աշխոյժութիւնը ճնշելու համար դիմած են պատասխան գործողութիւններու եւ շարունակած իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւն:
Այս պահու դրութեամբ իրադրութիւնը համեմատաբար հանգիստ է: