Անցած գիշեր արցախեան սահմանին, հակառակորդը տարբեր հրաձգային զինատեսակներէ, հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է աւելի քան 50 անգամ՝ հայ դիրքերու ուղղութեամբ արձակելով շուրջ 1620 կրակոց: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը:
ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծի վրայ եւ կը շարունակեն իրականացնել մարտական դիրքերու յուսալի պահպանութիւնը: