image
Հրատապ լուրեր:

«Էսաեանցիներու 0ր»ը հարազատութեան մթնոլորտի մէջ համախմբեց հին ու նոր շրջանաւարտները 

«Էսաեանցիներու 0ր»ը հարազատութեան մթնոլորտի մէջ համախմբեց հին ու նոր շրջանաւարտները 

Օրերս, Պոլսոյ Էսաեան վարժարանի մեծ ընտանիքը նշած է աւանդական «Էսաեանցիներու օր»ը՝ համախմբելով հարիւրաւոր շրջանաւարտներ, ուսուցիչներ, բարեկամներ եւ հիւրեր՝ սիրոյ, յուշերու ու պատկանելիութեան բացառիկ մթնոլորտի մէջ։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Էսաեան վարժարանի մեծ ընտանիքը Շաբաթ, 6 Յունիսին դարձեալ համախմբուեցաւ սիրոյ եւ պատկանելիութեան բացառիկ մթնոլորտի մէջ։ «Էսաեանցիներու Օր»ը, որ երկարամեայ աւանդութեան վերածուած է, հարիւրաւոր շրջանաւարտներ, ուսուցիչներ, բարեկամներ եւ հիւրեր համախմբեց նոյն երդիքին տակ՝ վերապրեցնելով դպրոցական տարիներու յուշերը եւ վերահաստատելով այն ամուր կապը, որ սերունդներ շարունակ կը միացնէ Էսաեանի զաւակները։

Տօնակատարութիւնը սկսաւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Նարեկեան սրահին մէջ, ուր յատուկ մեծարանքի արժանացան 25-րդ, 40-րդ, 50-րդ եւ 60-րդ տարեշրջաններու յոբելեար ներկայացուցիչները։ Հարազատ էսաեանցի, հանդիսավար Գարեն Քէօսէօղլու-Թերզեան ողջունեց ներկաները, իսկ յոբելենական դասարաններու անունով խօսեցան Մարիամ Տրամէրեան, Անոյշ Գազան-Ասատուրօղլու, Զապէլ Եիւզպաշեան եւ Սայաթ Ճիրօղլու։ Ներկաներուն իր օրհնութեան եւ գնահատանքի խօսքը ուղղեց նաեւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։

Հանդիսութեան երկրորդ բաժինը շարունակուեցաւ վարժարանին բակին մէջ, ուր տօնական մթնոլորտին մէջ վկայագրեր յանձնուեցան 5-րդ, 10-րդ, 15-րդ եւ 20-րդ տարեդարձերը բոլորած շրջանաւարտներուն։ Օրուան խորհուրդը արժեւորեցին նաեւ հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկանի խօսքերը։

Օրուան ամենազգացական պահերէն մէկը 1960-1961 տարեշրջանի շրջանաւարտ Մարի Սորկոսի հանդիպումն էր փոքրիկ էսաեանցիներ Լարիսա Թագւորեանի եւ Աքսէլ Կիւրիւնի հետ։ Տասնամեակներու տարբերութեամբ խօսափողի մօտ կանգնած այս երեք սերունդները մարմնաւորեցին Էսաեանի 131-ամեայ պատմութեան շարունակականութիւնը եւ հոգեւոր ժառագութիւնը, որ կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ։

Պէյօղլուի եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի փոխատենապետ Խաչիկ Ճանէլ եւ գործակից ընկերները, քարոզիչ Յարութիւն Վարդապետը, Գէորգ, Գրիգոր, Կորիւն Աւագ քահանաները նոյնպէս ներկայ էին հաւաքոյթին, բաժնելով ներկաներու ոգեւորութիւնը։

Մինչ կը կատարուէր ճաշերու սպասարկութիւնը, տօնակատարութիւնը կ'ամբողջանար նաեւ գեղարուեստական ելոյթներով։ Գարին Քիւչիւքօղլուի երաժշտական կատարումները եւ վարժարանի աշակերտներուն ներկայացուցած հայկական ժողովրդական պարերը՝ Յակոբ Կիւլէչի ղեկավարութեամբ, արժանացան ներկաներու ջերմ ծափահարութիւններուն։ Յատկապէս «Եարխուշտա»ն եւ միւս պարերը տօնին հաղորդեցին ազգային շունչ եւ ոգեւորութիւն։

Օրուայ ընթացքին քանիցս շեշտուեցաւ, որ Էսաեանը միայն կրթական հաստատութիւն մը չէ, այլ մեծ ընտանիք մը, ուր սէրը, կրթութիւնը, մշակոյթը եւ ազգային արժէքները կը սերմանուին տղոց ուսումնառութեան ամբողջ տեւողութեան։

Շուրջ 400 հոգիի մասնակցութեամբ հաւաքոյթը դարձեալ փաստեց որ 131-ամեայ Էսաեան վարժարանը կը շարունակէ մնալ համայնքային կեանքի ամենակենսունակ ու համախմբող օճախներէն մէկը։

Տօնակատարութիւնները աւարտին հասան ուրախ մթնոլորտի, խմբանկարներու եւ նոր հանդիպումներու խոստումով, մինչ ներկաները անգամ մը եւս վերահաստատեցին իրենց հպարտութիւնը՝ Էսաեանի մեծ ընտանիքի անդամ ըլլալու համար։