Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մէրքէլ, Գերմանիոյ խորհրդարանէն ներս ունեցած ելոյթին, խօսած է Թուրքիոյ օգնելու հրամայականի մը մասին: Վարչապետ Մէրկէլ ըսած է.« Եթէ Թուրքիոյ մէջ պետական հարուած կը փորձուի, եթէ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած կառավարութիւնը վար առնել կ'աշխատին, մենք պէտք է դէմ կանգնինք ատոր»:
Մէրքէլ դիտել տուած է, որ եթէ չենք ուզեր որ փախստականներ Եգէականի ջուրերուն մէջ խեղդուին, եթէ պիտի ուզենք ապահովել Եւրոպայի սահմաններու ապահովութիւնը, այն ատեն պարտաւոր ենք գործակցելու Թուրքիոյ ու միւս երկիրներուն հետ: «Ես կը զօրակցիմ Եւրոմիութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած համաձայնութեան, բայց տարբեր երկիրներու հետ ալ նմանօրինակ համաձայնութիւններ պէտք է ստորագրուին, որպէսզի փախստականները փրկուին մարդու առեւտուր ընողներուն ձեռքէն»,- ըսած է Մէրքէլ: