Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Մոնթրէալի «Սանահին» մասնաճիւղի Գրական յանձնախումբի եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի կազմակերպութեամբ, հինգշաբթի 31 մարտին, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած է Անուշ Ակներեանի «Սկիզբ» բանաստեղծական գիրքի շնորհահանդէսը:
Նախկին պէյրութահայ, ներկայիս Մոնթրէալ ապրող Անուշ Ակներեան մասնագիտացած է գրականութեան մէջ եւ հետեւած լեզուի փիլիսոփայութեան ծրագրին: Բանաստեղծութեան կողքին, ան յօդուածներով ու թարգմանական գործերով կ'աշխատակցի սփիւռքի եւ Հայաստանի գրական հանդէսներուն: Ան հրատարակիչն ու գլխաւոր խմբագիրն է երկլեզու Corridor Books հրատարակչատան: «Հորիզոն» շաբաթաթերթի հիմնադրութեան շրջանին, իր մասնակցութիւնը բերած է որպէս օգնական խմբագիր, իսկ այժմ «Հորիզոն»ի Գրական յաւելուածին խմբագրական կազմի անդամ է: