image

Սքանտալ Թուրքիոյ մէջ. Տեսաշարի մը մէջ Արցախը եւ Ատրպէյճանը ներկայացուած են որպէս Հայաստան

Սքանտալ Թուրքիոյ մէջ. Տեսաշարի մը մէջ Արցախը եւ Ատրպէյճանը ներկայացուած են որպէս Հայաստան

 

Թրքական տեսաշարերէն մէկու վերջին տեսարանի պատճառով սքանտալ հասունցած է Ատրպէյճանի ու Թուրքիոյ մէջ:

 

Ermenihaber.am-ի հաղորդմամբ՝ «Akıncı» («Յարձակողը») հեռուստատեսաշարի վերջին տեսարանին մէջ, որ ներկայացուած է թրքական «ATV»-ով, ցուցադրուած է տարածաշրջանի քարտէզը, որուն մէջ  Արցախի եւ Ատրպէյճանի տարածքներուն վրայ գրուած եղած է Armenia (Հայաստան):

Ըստ լրատուամիջոցներու, որոնք շտապած են արձագանգել կատարուածի մասին, այն թեխնիկական խոտանի հետեւանք եղած է, մինչդեռ տեսաշարի ստեղծագործական կազմն առայժմ չէ մեկնաբանած իրողութիւնը: