Գանատացիներ յարձակած են Վանքուվըր հասած սուրիացի գաղթականներու վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ «CBCnews»- կայանը: Աղբիւրը նաեւ պատմած է Մոնթրէալ հասած սուրիահայերու մասին, նշելով, որ Մոնթրէալի Օթըրմընթ գիւղաքաղաքի հայկական եկեղեցւոյ մէջ վերջերս հաւաքուած են Գանատա ժամանած 300 սուրիահայ փախստականներ: Անոնք առիթ ունեցած են հանդիպելու տեղւոյն համայնքի անդամներուն հետ: Աղբիւրը նաեւ կը հաղորդէ, որ Օթըրմընթի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի օրուան Սուրբ Պատարագէն ետք կազմակերպուած է հացկերոյթ՝ ողջունելու համար Մոնթրէալ ժամանողներու գալուստը: Այս կապակցութեամբ ծխական յանձնաժողովի խորհրդական Վարուժ Մարկոսեանը յայտնած է, որ «այս մէկը միջոց է իրար ծանօթանալու եւ իրար հետ խօսելու եւ տեսնելու, թէ ինչով կրնանք օգնել անոնց եւ ինչ կարելի է ընել անոնց համար»: Աղբիւրը կը նշէ, որ Օթըմընթի Ս. Գր. Լուսաւորիչ Եկեղեցին մաս կը կազմէ Գանատայի Հայ առաքելական թեմին, որ հովանաւորած է աւելի քան 1,000 սուրիահայ փախստականներու մուտքը Գանատա եւ տակաւին կը շարունակէ աջակցիլ նոր դիմողներուն: Աղբիւրը կը նշէ, որ սուրիահայ նորեկներուն տարբեր ձեւի օգնութիւններ տրամադրուած են սկսեալ խորհուրդներով՝ հասնելով մինչեւ ամուսնութեան կարգադրութիւններ: Մարկոսեան նշած է, որ սուրիահայ օրիորդ մը իրեն ներկայացած է՝ փոխանցելով իր ամուսնանալու փափաքը, լուսաբանուելու համար, թէ այդ հարցով, որու պէտք է դիմէ եւ ինչ թուղթեր կը պահանջուին, «այնպէս որ մենք նոյնիսկ ամուսնութեան վկայ ապահովեցինք իր համար»: Ամուսնութիւն ծրագրող Ժանէթ Շահինեանը յոյս յայտնած է, որ իր պսակադրութիւնը իրականանայ յառաջիկայ շաբաթներուն, ըսելով «Ես բախտաւոր եմ այստեղ ըլլալուս, այստեղ ապրելուս եւ այստեղ ամուսնանալուս համար»: Աղբիւրը կը նշէ, որ մինչ ճաշի սեղան նստիլը՝ դրական մթնոլորտ մը կը տիրէր հայկական եկեղեցւոյ մէջ, լուրեր կ'արձանագրուէին հակա-գաղթական բողոքներու մասին Գերմանիոյ մէջ, եւ փախստականներու վրայ պղպեղի սրսկիչներով յարձակումներու մասին՝ Վանքուվըրի մէջ: Սուրիահայ Անդրանիկ Գապանճեանն այս կապակցութեամբ նշած է, որ սուրիացի փախստականները շուարած եւ հիասթափուած են Վանքուվըրի մէջ պղպեղի սրսկոցներով դիմաւորուելնուն համար, աւելցնելով, որ ինք միշտ լաւ կարծիք ունեցած է Գանատացի ժողովուրդի մասին, եւ ներկայիս ալ անոր լաւ աջակցութիւն կը վայելէ Մոնթրէալի մէջ:
Վանքուվըրի յարձակումին տեսանիւթը դիտելու համար սեղմել ՝ այստեղ: