Սուրիա- Անցնող օրերուն «Արեւելք» յաջողեցաւ կապ հաստատել Սուրիոյ Գամիշլի աւանի պատասխանատու հայորդիներուն հետ: Մեր ունեցած զրոյցներուն ընթացքին յաջողեցանք մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալ հայկական շունչով ապրող եւ գոյատեւող աւանին մասին: Հակառակ Հասիչէի դէմ առկայ ISIS -ի դամոկլեան սուրին եւ բազում վտանգներուն Գամիշլին շնորհիւ իր մարմիններու աչալրջութեան եւ նուիրուածութեան կը շարունակէ իր ապահով կեանքը: Յառաջիկայ օրերուն «Արեւելք» հերթաբար պիտի ներկայացնէ տեղի պատասխանատուներուն հետ կատարուած հարցազրոյցները, ուր լոյսին կը բերուին աւանի ընդհանուր ապահովական, տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական խնդիրները եւ օրակարգերը: Մէկ բան յստակ է, որ Գամիշլիի մէջ առկայ կազմակերպուածութիւնը վառ օրինակ է այն մասին,թէ ուր որ կայ հաւաքական իրական կամք հոն կայ նաեւ անպարտելիութիւն եւ արժանապատիւ հայու կեանքով ապրելու ընթացք: Ասօր համար է նաեւ, որ որ մեր նիւթիւն խորագիրը ընտրեցինք ՝ «Գամիշլի . «Արծիւներու Բոյն»» խորագիրը: Յառաջիկայ օրերուն լոյս տեսնելիք հարցազրոյցները լաւագոյն ապացոյցը պիտի ըլլան մեր դիտարկման:
«Խմբագիր»