image
Հրատապ լուրեր:

Գամիշլի. Կամ «Արծիւներու Բոյն»

Գամիշլի. Կամ  «Արծիւներու Բոյն»

 Սուրիա-  Անցնող  օրերուն  «Արեւելք»  յաջողեցաւ   կապ հաստատել Սուրիոյ Գամիշլի   աւանի   պատասխանատու հայորդիներուն հետ:        Մեր ունեցած զրոյցներուն  ընթացքին    յաջողեցանք  մանրամասն տեղեկութիւններ ստանալ    հայկական շունչով ապրող  եւ գոյատեւող     աւանին մասին:   Հակառակ     Հասիչէի  դէմ  առկայ  ISIS -ի  դամոկլեան սուրին եւ բազում վտանգներուն Գամիշլին  շնորհիւ իր մարմիններու աչալրջութեան եւ նուիրուածութեան  կը շարունակէ իր ապահով կեանքը:   Յառաջիկայ օրերուն «Արեւելք»  հերթաբար պիտի ներկայացնէ տեղի  պատասխանատուներուն հետ կատարուած հարցազրոյցները, ուր լոյսին կը բերուին աւանի ընդհանուր ապահովական,     տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական խնդիրները եւ   օրակարգերը: Մէկ բան յստակ է, որ Գամիշլիի մէջ   առկայ    կազմակերպուածութիւնը  վառ  օրինակ է այն մասին,թէ  ուր որ  կայ  հաւաքական իրական  կամք  հոն կայ նաեւ անպարտելիութիւն եւ  արժանապատիւ հայու կեանքով ապրելու    ընթացք: Ասօր համար է նաեւ, որ որ մեր  նիւթիւն խորագիրը ընտրեցինք ՝ «Գամիշլի . «Արծիւներու Բոյն»» խորագիրը: Յառաջիկայ օրերուն լոյս տեսնելիք հարցազրոյցները լաւագոյն   ապացոյցը պիտի ըլլան մեր դիտարկման:

 

 «Խմբագիր»