«Ֆրանսայի նախագահ պրն. Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ հանդիպումը եղաւ մեր նախաձեռնութեամբ»,-«Արեւելք»ին ըսաւ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդ Տէր Վահան Արք. Յովհաննիսեան: Սրբազան հայրը նաեւ նշեց, որ այս հանդիպումը բաւական ժամանակ առաջ պիտի կայանար, սակայն նկատի ունենալով թեմին մէջ եղած տարբեր խնդիրները, միայն այս հանգրուանին կարելի եղաւ յաջողցնել այս այցը: Ան այս առումով մասնաւորապէս շեշտեց. «Երբ Ֆրանսայի թեմին Առաջնորդ ընտրուեցայ, բաւականին լուրջ դժուարութիւններ ունէինք, վարչական, տնտեսական եւ այլ կարգի խնդիրներ կային Ֆրանսայի հայոց թեմէն ներս, սակայն երբ խնդիրները ընդհանուր առմամբ կարգի դրուեցան, նպատակայարմար նկատեցինք հանդիպիլ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին հետ»: Սրբազան հայրը նաեւ յիշեցուց, որ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ իր հանդիպման հիմնական առանցքը եղած են երկու հարցեր, առաջին ՝ արցախեան վերջին մտահոգիչ զարգացումները, ինչպէս նաեւ հայոց ցեղասպանութեան փաստի ուրացամն քրէականացման խնդիրը: Սրբազան հայրը այս առումով նշեց «Մեր նախագահը խոստացած է իր ժողովուրդին եւ մեզի՝ հայերուս, ի զօրու դնել այնպիսի օրէնք մը, որ կը քրէականացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը ու նաեւ նկատի առնելով Արցախի մէջ վերջին վտանգաւոր զարգացումները, մենք յարմար նկատեցինք այցելել նախագահին եւ մեր խնդրանքին դիմաց նախագահ Հոլլանտ ընդառաջեց եւ կայացաւ այդ հանդիպումը»:
Պատասխանելով «Արեւելք»ի հարցումին, թէ արդեօ՞ք այս հանդիպման ընթացքին արծարծուած հիմնահարցերուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ կարելի է տալ, Սրբազան հայրը ըսաւ. «Ինչպէս գիտէք, պետական, քաղաքական մարմիններ կան եւ խորքին մէջ մեր ուզածը այդ մարմիններուն աշխատանքը եւ գործունէութիւնը շրջանցելը չէ, ու մենք երբեք պիտի չուզենք, որ այնպիսի տպաւորութիւն ստեղծուի, որ մենք որպէս Ֆրանսայի առաջնորդութիւն, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանատան կատարելիք աշխատանքը ընելու ելած ենք, կամ ալ ելած ենք ամբողջ համայնքին անունով քաղաքական որոշումներ տալու կամ գործունէութիւն ծաւալելու: Մեր նպատակն էր պրն. նախագահին ծանօթացնել, թէ որն է հայոց պատմական առաքելական բազմադարեայ Սուրբ Եկեղեցին եւ նոյն ատեն ուզեցինք անոր յիշեցնել, որ այս եկեղեցին միայն հոգեւոր եւ կրօնքի կեդրոն մը չէ, այլ մեր եկեղեցին մեր ինքնութեան վէմն է: Մենք ուզեցինք որ պրն. նախագահը իմանայ այս բոլորը եւ կողմերու միջեւ ծանօթութիւն ըլլայ»:

Սրբազան հայրը նաեւ ըսաւ, թէ ինք անձնապէս ուզած է պրն. Հոլլանտին յիշեցել, որ հայոց համար շատ կարեւոր եւ առաջնահերթ խնդիր է որպէսզի Ֆրանսայի պէս առաջադէմ երկիր մը քրէականացնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Սրբազան հայրը այս մասին ըսաւ «Ես անձնապէս պրն. նախագահին ըսի, թէ եթէ ինք հայոց այս արդար դատին եւ յատկապէս հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը քրէականցնէ, պիտի դառնայ հերոս, ոչ միայն հայութեան համար, այլ ամբողջ ճշմարտասէր աշխարհին համար»: Ֆրանսայի թեմի առաջնորդը նաեւ նշեց, որ Ֆրանսուա Հոլլանտ շատ դրական արձագանգած է ցեղասպանութեան մասին եղած խօսակցութիւններուն:
Ըստ Տ. Վահան Սրբազանին, խօսակցութեան երկրորդ եւ կարեւորագոյն մասը եղած է Արցախի մէջ վերջին շրջանին գրանցուած մտահոգիչ զինուորական զարգացումները. «Մենք բնաւ չուզեցինք, ոչ ալ պիտի ուզենք Արցախի հարցի գծով քաղաքական մարմիններու կամ խողովակներու դերը խաղալ», այլ ինք նախագահին դիմած է որպէս ֆրանսաբնակ մտահոգ հայ մը, մանաւանդ վերջին շրջանին տեղի ունեցող դէպքերուն առնչութեամբ: Այս առումով սրբազան հայրը ըսաւ, որ անընդունելի է, որ այսօրուան քաղաքակիրթ աշխարհը չդատապարտէ այն դէպքերը, որոնք տեղի կ'ունենան Արցախի սահմանին վրայ, ինչպէս նաեւ այն անմարդկային արարքները եւ ոճիրները, որոնք կը գործուին խաղաղասէր բնակիչներուն դէմ: «Ես նախագահէն չպահանջեցի քաղաքական օրակարգին մէջ որպէս կողմ հանդէս գալ, այլ ըսի՝ որպէս արեւմտեան Եւրոպայի հայ հոգեւոր առաջնորդներէն մին, այստեղ պարտք կը համարեմ Ֆրանսայէն պահանջել, ամէն գնով դատապարտել տեղի ունեցած անմարդկային եւ անընդունելի միջնադարեան ոճի սպանութիւններն ու արարքները»: Ըստ Վահան սրբազանի, Ֆրանսուա Հոլլանտ հասկացողութեամբ մօտեցած է Արցախի մէջ կատարուած դէպքերուն, սակայն նշելով, որ ղարաբաղեան հարցը բաւականին խճճուած եւ բարդ հարց մըն է, որուն մէջ կը խաչաձեւուին տարբեր պետութիւններու եւ տարբեր շրջանային ուժերու շահերը: Սրբազան հայրը նաեւ ըսաւ, որ ինք անձնապէս շօշափած է, թէ Ֆրանսուա Հոլլանտ եւ Ֆրանսա մասնաւորապէս կարեւոր դեր պիտի կատարեն ղարաբաղեան հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ լուծման համար տարուող ճիգերու առընթեր, նշելով, որ Ֆրանսա արդէն, ինչպէս յայտնի է, անդամ է Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խումբին: Տէր Վահան Սրբազան նաեւ ուզեց յայտնել, որ իր այս այցը քաղաքական նպատակներ չի հետապնդեր, նշելով, որ հանրութիւնը պէտք է իրազէկուի, թէ ինք չէ եկած քաղաքական գործունէութիւն կամ քաղաքական օրակարգեր քննարկելու կամ մշակելու, այլ այս այցը կայացած է աւելիով ամրապնդելու Ֆրանսայի նախագահութեան եւ Ֆրանսայի Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ թեմի միջեւ եղած պատմական յարաբերութիւնները: Սրբազան հայրը նաեւ նշեց, որ հանդիպումը եղած է շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ, եւ ըսաւ, թէ նախագահ Հոլլանտ յատկապէս ցեղասպանութեան խնդրով որոշ ժամկէտներու մասին խօսած է, որոնց մասին սրբազանը այս հանգրուանին կը նախընտրէ չարտայայտուիլ:
Նշենք, որ Ֆրանսայի թեմի առաջնորդին եւ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտին միջեւ անցնող 29 ապրիլ 2016-ին եղած հանդիպումը կարելի է համարել պատմական, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ ֆրանսահայ առաջնորդ մը անձամբ Էլիզէի պալատ կ'այցելէ եւ կ'ընդունուի ֆրանսացի նախագահի մը կողմէ: