image

«Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը մխիթարանք է մեզի համար» Բերիոյ Թեմի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ

«Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը մխիթարանք է մեզի համար» Բերիոյ Թեմի Հայ  Կաթողիկէ Առաջնորդ

Ֆրանչիսկոս Պապին Հայր Յովսէփ Պետոյեանի նահատակութեան ու անոր յուղարկաւորութեան առթիւ հրապարակած զօրակցական թուիթին արձագանգելով՝ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդ ու Ճեզիրէի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաքելական հոգաբարձու՝ Արհ. Պետրոս Արք Միրիաթեան ըսած է՝ «Ֆրանչիսկոս Պապին մօտիկութիւնը իսկական մխիթարանք է մեզի համար։ Ան մեզի ուժ կու տայ, մեզի զգացնել կու տայ թէ միայնակ չենք։ Համայն Կաթողիկէ եկեղեցին մեր կողքին է։ Համայն աշխարհը մեզի մօտիկ է։ Այս հեռու տարածքը, սիրեցեալ եւ մարտիրոս Սուրիան, ինչպէս կ՛ըսէ Քահանայապետը, մոռցուած չէ»։

 

Լուրը ՝«Ռատիօ  Վատիկան»-էն  (հայկական ծառայութիւն)