image

Պայտըն խօսած է Չինաստանի առաջնորդին հետ

Պայտըն խօսած է Չինաստանի առաջնորդին հետ

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտընը յայտարարած է, որ հեռախօսազրոյց ունեցած է չինացի գործընկերոջ՝ Սի Ծինփինի հետ: Ինչպէս կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, այս մասին Պայտըն յայտարարած է ԱՄՆ ազգային տօնի՝ «Յիշատակի օրուայ» կապակցութեամբ ելոյթի ժամանակ:

«Ես երկար զրոյց ունեցած եմ նախագահ Սիի հետ երկու ժամ առաջ: Ես յստակ հասկցուցած եմ, որ չենք կրնար չխօսիլ մարդու իրաւունքներու մասին, մենք այդ մասին կը խօսինք ամբողջ աշխարհով մէկ, քանի որ մենք այդպիսին ենք»,- ըսած է Պայտըն: