Պէյրութի մէջ տեղի պիտի ունեցած է Ֆիլատելֆիոյ մէջ իվախճանած Հայ Կաթողիկէ երիտասարդ վարդապետ Հայր Թովմաս վրդ. Կարապետեանի թաղման կարգը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի պարագաներէն:1 հոկտեմբերին վախճանած վարդապետի յուղարկաւորութեան եւ թաղման կարգը կատարուած են այսօր ՝ կիրակի, 15 հոկտեմբեր, 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին, Հայ Կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ վախճանեալ վարդապետի մարմինը փոխադրուած եւ ամփոփուած է Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ գերեզմանատան քահանայից յատուկ դամբարանին մէջ
Ցաւակցութիւննրը կը շարունակուին ընդունուիլ երկուշաբթի 16 եւ երեքշաբթի 17 հոկտեմբերին, կէսօր ետք ժամը 2:00-7:00, Ժիպէյլի հայ կեդրոնի սրահէն ներս: