Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ մշտական բնակութիւն հաստատած Յովսէփ Տէկիրմենճեան մահացած է սրտի կաթուածի հետեւանքով։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի մտերիմներէն։
Ծնունդով Հալէպէն Յովսէփ Տէկիրմենճեան կանուխ հասակէն փոխադրուած է Պէյրութ եւ որոշ ժամանակ մը այտնեղ ապրելէ ետք մեկնած է Ֆրանսա։
Լիբանանի մէջ իր ապրած օրերուն Յովսէփ անդամակցած է ՀՅԴ երիտասարդական միաւորին՝ ԼԵՄ-ին ու ապա ալ դարձած է հաւատաւոր անդամը ՝ ՀՅԴաշնակցութեան։
Երեք տարիէի ի վեր Յովսէփ հայրենադարձած է եւ երկար տարիներու Հայաստան ապրելու երազը իրականացուցած իր կնոջ Սիրուն Յովսէփեանի հետ միասին։
Իր մօտիկ ընկերներուն խօսքով Յովսէփ Հայաստանապաշտ էր ու անոր մեծ երազն էր կառուցել իր սեփական տունը հայրենիքի մէջ։
Գաղափարի եւ գաղափարականի հաւատացող Յովսէփի կեանքի թելը կտրուեցաւ ու ցաւալիօրէն ան չկարողացաւ իր ճիգերով կառուցած Արմաւիր շրջանի Պտղունք գիւղի բնակարանը վայելել։
Յիշատակն արդարոց օրհնեալ եղիցի։