image

Ֆայսալ Մըքտատ՝ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց նախարար նշանակուեցաւ

Ֆայսալ Մըքտատ՝ Սուրիոյ Արտաքին Գործոց նախարար նշանակուեցաւ

 Ֆայսալ Մըքտատ նշանակուեցաւ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան  Արտաքին Գործոց նախարար։

 

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Sky News Arabic   կայանէն։

Աղբիւրը  նաեւ հաղորդեց, որ Մըքտատի նշանակումը կատարուեցաւ  Սուրիոյ նախագահ  Պաշշար Ասատի կողմէ   ստորագրուած  հրամանագրով մը։

 

 Յիշեցնենք, որ Մըքտատ  կը յաջորդէ Ուալիտ Մուալլէմին, որ օրեր առաջ կնքած էր իր մահկանացուն Դամասկոսի մէջ։