image

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները կը զարգանան. Փեսքով

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները կը զարգանան. Փեսքով

Ռուսիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն զարգանալ։ Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով։

«Մենք պիտի շարունակենք մեր յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։ Մենք ունինք բազմաթիւ ընդհանուր գործեր։ Ռուսիան Հայաստանի մէջ լուրջ ներդրող է, ուստի ընելիքները շատ են, եւ յարաբերութիւնները պիտի շարունակեն զարգանալ», լրագրողներուն ըսած է Փեսքով։

Ան նշած է, որ Երեւանը ներկայիս կը գտնուի իր զարգացման ուղին ընտրելու գործընթացին մէջ։

«Մենք կը տեսնենք, որ այժմ Հայաստանը եւ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը գտնուին խաչմերուկի առջեւ։ Հայաստանի ղեկավարութիւնը կը խօսի զարգացման ուղիի առաջիկայ ընտրութեան մասին։ Ասիկա մեզի համար կարեւոր է, որովհետեւ բազմաթիւ դարերու ընթացքին Ռուսիան եւ Հայաստանը եղած են հարեւան եւ եղբայրական երկիրներ», ըսած է Քրեմլինի ներկայացուցիչը։